Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Ֆրանսայի Քանն ծովափնեայ քաղաքին մէջ 5 յունիսին ընթացք առաւ «Միտեմ» երաժշտական փառատօնը: Չորս օր շարունակ` 5-8 յունիսին քաղաքին մէջ պիտի հնչէ հայկական երաժշտութիւն: Հայաստանը այս տարի «Միտեմ» հեղինակաւոր միջազգային երաժշտական փառատօնին կը մասնակցի իբրեւ պատուոյ հիւր:

Քաննի նշանաւոր Փառատօներու պալատին մէջ 5 յունիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան այս առնչութեամբ մանրամասնութիւններ փոխանցած է: Անոր համաձայն, Հայաստան այս հեղինակաւոր փառատօնին կը ներկայանայ «Երաժշտութեան հայկական տարրերը» հայեցակարգով: Իբրեւ «Միտեմ-2015» փառատօնի խորհրդանիշ ընտրուած է նուռը, որ պատկերուած է չորս տարբեր գոյներով եւ կը խորհրդանշէ ոգեշնչման չորս հիմնական տարրերը` հողը, օդը, ջուրը եւ կրակը:

«Այս տարին մեզի համար յատուկ տարի է` Ցեղասպանութեան հարիւր տարին է: Մենք չորս խորհուրդներ յստակօրէն ձեւակերպեցինք այս տարուան համար` առաջինը մեր յիշողութիւնն է, երկրորդը` երախտագիտութիւնն է անոնց, որոնք օժանդակեցին մեզի այդ դժուար օրերուն, երրորդը` միջազգային պայքարն է, որով մենք պէտք է հասնինք հոն, ուր Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչնայ այն երկիրը, որ գործադրած է զայն, եւ վերջապէս վերջինը վերածնունդի գաղափարն է: Մենք կը ներկայացնենք մեր երաժշտական մշակոյթը, որ պահպանուեցաւ եւ վերստեղծուեցաւ Ցեղասպանութենէն ետք: Այս մշակոյթով մենք կը քալենք դէպի ապագայ», յայտնած է Յասմիկ Պօղոսեան:

Քաղաքը, որ փառատօնի օրերուն յատկապէս լի կ՛ըլլայ զբօսաշրջիկներով, զարդարուած է հայկական գոյներով, փողոցները` «Հայաստան-Պատուաւոր երկիր» խորհրդանշող դրօշներով, քաղաքային վահանակները ամէնուր կը ծանուցեն հայկական նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին: Քաննի նշանաւոր Փառատօներու պալատին հիմնական վահանակը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայաստանին:

Հայաստան «Միտեմ»-ի փառատօնին պատուաւոր երկրի կարգավիճակով կը մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Տաշիր կրուփ» ընկերութեան հովանաւորութեամբ:

Այս չորս օրերուն թէ՛ բացօթեայ բեմահարթակներուն վրայ, եւ թէ՛ համերգային դահլիճներուն մէջ պիտի հնչեն հայկական դասական, հոգեւոր, ճազ, ռոք, էթնօ-ճազ կատարումներ եւ այլն: Պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ հայկական մշակոյթի, ժողովրդական գործիքներու, Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ներշնչուած աշխարհահռչակ երգահաններու` Հայաստանին նուիրուած ստեղծագործութիւններուն նիւթերով:

«Միտեմ»-ը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցէ նաեւ հայ մեծ երգահան ու մանկավարժ Կոմիտասին` անոր մահուան 80-ամեակին առիթով:

Փառատօնին ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ հայ ազգային խոհանոցն ու խմիչքները: